Կաղանդ պապան այս տարի
Որոշեր է չայցելել,
Զիս չտեսնել. կարճ խօսքով՝
Նուէր-մուէր չբերել։
Գանգատողներ շատ էին,
«Խելօք չեղար»,- կ՚ըսէին։
Խօսքը մեր մէջ թող մնայ,
Ես ոչ մէկ մեղք ունէի։
Միշտ քոյրս էր յանցաւոր
Եւ ամէն բան խանգարող։
Ես ի՞նչ ընեմ, զայն մատնե՞մ,
Տան գաղտնիքը դո՞ւրս թափեմ։
Երբ որ լուրը ստացայ,
Նախ հաւատալ չկրցայ,
Շատ յուզուեցայ, տխրեցայ։
Կաղանդ պապան որ չգայ,
Ինչպէ՞ս ընեմ զայն գտնեմ,
Ուզածներս փոխանցեմ։
Երկար նստայ, խորհեցայ.
Բան մը չըսի, լռեցի,
Քիչ մը լացի, ճզացի,
Յանկարծ գտայ ի՛նչ ընել.
Թուղթ եւ մատիտ վերցուցի,
Երկա՜ր նամակ գրեցի։
Սիրելի Կաղանդ պապա,
Շատ կարեւոր բան մը կայ։
Եթէ չգաս, չայցելես,
Ինչպէ՞ս պատմեմ ես քեզի
Թէ ի՜նչ ըրի, ի՜նչ չըրի,
Ինչքա՜ն մեծցայ, լրջացայ,
Կարդալ գրել սորվեցայ,
Քոյրիկիս հետ խաղացի,
Սենեակս միշտ կոկեցի։
Սիրելի Կաղանդ պապա,
Կարեւոր բան մըն ալ կայ։
Եթէ չգաս, չայցելես,
Ինչպէ՞ս խնդրեմ որ տաս դուն
Առողջութիւն հայրիկիս,
Համբերութիւն մայրիկիս,
Երջանկութիւն բոլորիս,
Խաղաղութիւն աշխարհիս։
Սիրելի Կաղանդ պապա,
Կարեւոր բան մը ե՛ւս կայ։
Եթէ չգաս, չայցելես,
Ինչպէ՞ս ցանկամ որ մոռնաս
Լսածներդ իմ մասիս,
Եւ բերես շատ նուէրներ,
Խաղալիքներ եւ գիրքեր,
Եւ ուրիշ ի՜նչ, ի՜նչ բաներ…։
Սիրելի Կաղանդ պապա,
Կարեւոր բան մըն ալ կայ։
Եթէ չգաս, չայցելես,
Ինչպէ՞ս կրնամ խոստանալ
Որ նոր տարին երբ որ գայ՝
Պիտի ըլլամ մեծ տղայ,
Ծնողքիս սիրականը,
Քոյրիկիս մէկ հատիկը։
Սիրելի Կաղանդ պապա,
Կարեւոր մէյ մըն ալ՝ ա՛յս կայ։
Եթէ չգաս, չայցելես,
Ինչպէ՞ս գիտնամ որ դեռ դուն
Զիս չես մոռցած, կը յիշես,
Նաեւ շա՜տ, շա՜տ կը սիրես։