Լեզուն

լեզուն ճկուն է
հով
հոսանք
շարժում
օրէնքներով խաղալ
կը սիրէ լեզուն
ամէն օրէնքի
բացառութիւն
կը սիրէ
լեզուն ձայն է
աղմուկ
փոթորիկ
կայծակ
որոտում
կը սիրէ լեզուն
խաղաղութիւն
լռութիւն
երաժշտութիւն
կը սիրէ

լեզուն ընկեր է
վայր
միջավայր
տուն տեղ
մտերմութիւն
կը սիրէ լեզուն
խօսակցութիւն
վիճաբանութիւն
բարեկամութիւն
տրամադրութիւն
հաղորդակցութիւն
կը սիրէ

լեզուն ինքնիշխան է
անհատականութիւն
ազատութիւն
ըմբոստութիւն
կը սիրէ լեզուն
տրամաբանութիւն
անտրամաբանութիւն
կը սիրէ

լեզուն ոճ է
բնական
անմիջական
մտերմիկ
ըլլալ կը սիրէ
խօսակցական
գրական
բանաստեղծական
իրաւաբանական
քաղաքական
ռամիկ
շեշտեր
կը սիրէ

լեզուն գանձ է
հարստութիւն
ճոխութիւն
զարգացում
բարգաւաճում
կը սիրէ լեզուն
դէպի ապագայ
ծաւալիլ
արժեւորուիլ
կը սիրէ

լեզուն գոյն է
մանկական
ընտանեկան
թաղային
ակումբային
խմբային
բարբառային
ակունքներ
կը սիրէ լեզուն
զանազան
տարբեր
անսովոր
երանգներ
կը սիրէ

լեզուն դիմակ է
ծպտուիլ
պահուըտիլ
կը սիրէ
կապկել
նմանիլ
տարբերիլ
նորոգուիլ
փոխուիլ
կերպարանափոխուիլ
կը սիրէ լեզուն
կերպարանափոխուելով
զարգանալ
հարստանալ
կը սիրէ

լեզուն շունչ է
խօսիլ
պատմել
սիրել
սիրահարուիլ
ապրիլ
կը սիրէ
խումբի մը
սերունդի մը
պատկանիլ
կը սիրէ

երբ լեզուն
արդուկես
օսլայես
փայլը կ՚երթայ
համը
հոտը
հաճոյքը
կը կորսուին
երբ բանտարկես
զայն
ջնջես
ձայնը
ոճը
գոյնը
արգելքներ դնես
բնազդը
բնականութիւնը
երեւակայութիւնը
ստեղծելու կարողութիւնը
ստեղծելու իրաւունքը
կ՚անհետանան

լեզուն
կը դառնայ
փայտէ լեզու

փայտէ լեզուն
քանի արդուկես
կը տափակնայ
քանի օսլայես
կը կարծրանայ
քանի արգիլես
կեղծ
անբնական
անհամ
անհոտ
անհրապոյր
կը դառնայ

փայտէ լեզուն
օսլայուած
կաշկանդուած
կը վախնայ
շունչ առնելէ
օրէ օր
կը կծկտի իր ուղեղը
կը թմրի իր մարմինը
կը սմքին զգայարանները
կը կտրի իր ձայնը
փայտէ լեզուն
անձայն
անշշուկ
անշարժ
օրէ օր
կը նոյնանայ
փայտէ կաղապարին
կը խօսի
փայտէ լեզու
կը կարդայ
փայտէ լեզու
կը գրէ
փայտէ լեզու
որ պաշտպանուի
որ վերապրի
գոնէ յիշէ
երազը հին
գոնէ յիշէ
կարօտը
անցեալին

փայտէ լեզուին
կաղապարէն
ինչ որ դուրս է
այլանդակութիւն
արտառոցութիւն
գայթակղութիւն
անճոռնիութիւն է
հանդուրժել
կարելի չէ
կարճ խօսքով
կաղապարէն դուրս
ոչ մէկ շեղում
թոյլ տրուած է
բնիկ տէրերը
լեզուին
կը քաշուին
զայն գործածելէ
իրմով
շունչ առնելէ
ստեղծելէ
կը խուսափին
իր ձայնէն
կը հեռանան
կը լքեն զայն
կը գաղթեն
կը փախին
ապագան
ուրիշ ափեր
փնտռելու

եւ այսպէս

փայտէ լեզուն
բթացած
իր ուղեղը
պարպուած
ձայն
ոճ
գոյն
երազելով
կը քաշքշուի
մինչեւ դառնայ
անդամալոյծ
անշարժանայ
կարօտը հինին
փոշիանայ
երազը նորին
շոգիանայ
կենայ սիրտին զարկը
տայ վերջին շունչը
եւ
քարանայ

քարէ լեզուն
չ՚ապրիր չէ որ
գնա մեռիր եկուր սիրեմ
արժէքը շուտով կը բարձրանայ
կ՚անմահացուի
քարացած բեկորները
կը տեղափոխուին
մեռած լեզուներու
թանգարան
լեզուն
թանկագին բրածոյ
կը սրբացուի
եւ կը դառնայ
յաւերժագեղ
պաշտամունքի առարկայ