Անասելի բառերու կղզին

ծոյլ ես
չար ես
յիմար ես
անճարակ
անկիրթ
չես ամչնար
մեծ քոյրդ ուր
դուն ուր
դուն մարդ չես ըլլար
պիտի պատժեմ
մօրդ պիտի ըսեմ
բերանդ պիպեռ պիտի լեցնէ
հայրդ եթէ գիտնայ
մութ սենեակը կը դնէ
ոսկորներդ կը կոտրէ
եւ դեռ ուրիշ
ինչեր ինչեր
մէյ մը որ ըսուած է
այլեւս մոռնալ
վնասը ջնջել
կը դառնայ անկարելի
նոյն անձերը
անընդհատ
անասելի բառերը
կը կրկնեն ու կը կրկնեն
կը դատեն չստիկները
կ՚արհամարհեն չստիկները
կը բարկանան
խօսքերով
շարժումներով
կը վախցնեն
նայուածքով
կը սպառնան
կը պատժեն
կը կոտրեն
ոչ միայն
անոնց սիրտը
այլ նաեւ
անոնց ուժը
կորովը
վստահութիւնը
ինքնավստահութիւնը
ցանկութիւնները
երազները
եւ դեռ ուրիշ
ինչեր ինչեր
ժպիտը
հաճոյքը
կաթիլ կաթիլ
կը պակսին
ուրախութիւն
երջանկութիւն
մանկութիւն
անմեղութիւն
կը թառամին
կը հալին

Մէյ մը որ լսուած է
մոռնալ
ջնջել վնասը
կը դառնայ անկարելի

որոշապէս
բրտութիւն է
կատարուածը
չմոռնանք որ
բրտութիւնը
միշտ պէտք չունի
ձեռքով ոտքով
ըլլալու
սուր նայուածք մը
կը բաւէ
չստիկներուն
կեանքը
դժոխքի
վերածելու

ովքեր որ են
այդ անձերը
վստահ է
տէր թոդիկի դպրոցէն
մէկ քայլ ասդին
չեն անցած դեռ

ամէն ինչ միշտ
հինին հետ
կը բաղդատեն
անընդհատ
կարօտ կ՚ըսեն
ու կ՚երթան
մինչդեռ
կարօտէն իսկ
զզուած են

այո գիտեմ
ծեծ ու ապտակ
պաշտօնապէս
շատոնց
վերցած են
իբրեւ թէ
երանի

եթէ ոչ ինչու
այս դարուս
այս խօսքերը
դեռ լսեն
ականջներս
ովքեր որ են
այդ անձերը
թող լաւ գիտնան
անզգայ չեն
չստիկները
ոչ թէ միայն
լուրջի կ՚առնեն
ըսուածները
այլ
կ՚ըմբռնեն իմաստները
կ՚ընդգրկեն
կը նոյնանան
կ՚որդեգրեն
իրենք զիրենք
շատ յաճախ
այդ բառերով
կը դատեն

մէյ մը որ իւրացուած է
մոռնալ
ջնջել վնասը
կը դառնայ
անկարելի

օրը կու գայ
կը մեծնան
իրենք ալ
իրենց կարգին
սովորաբար
իրենց ապրած
իւրացուցած
անասելի բառերը
կը կրկնեն
չստիկներուն

մեր տուներէն
ոչ շատ հեռու
կղզի մը ըլլալու է
անասելի բառերու

եկէք
մէկ անգամ ընդմիշտ
այս հարցը լուծենք
այդ բառերը
հաւաքենք
տանինք կղզին
հոն թափենք
ծոյլ
չար
ամօթ
պատիժ
եւ բոլոր միւսները
տանինք կղզին
հոն թափենք

ոչ չար ըսել մնայ
ոչ ծոյլ ըսել մնայ
ոչ անխելք ըսել մնայ
ոչ անճարակ ըսել մնայ
ոչ պատիժ
ոչ ապտակ

տունը
ճամբան
դասարանը
ոչ ըսուի
ոչ ալ լսուի

յետոյ եկէք
տարի մը ետք
գարնան օր մը
երթանք կղզի
պիտի տեսնենք
անասելի բառերը չկան
ամէն մէկուն տեղը սակայն
աղուոր բառեր ծիլ տուած են
սէր
գուրգուրանք
փափաք
հաճոյք
համբերութիւն
ուրախութիւն
զուարթութիւն
վստահութիւն
երջանկութիւն
մտածելու
երազելու
ստեղծելու
կարողութիւն ծիլ տուած են
եւ դեռ ուրիշ ինչեր ինչեր
կրնաք դուք ալ գուշակել

անոնք որ այս պատմութիւնը
բնաւ բնաւ
չեն հասկցած
լաւ կ՚ըլլայ որ
հեռուէն դիտեն
չստիկները

անոնք որ այս
պատմութիւնը
մասամբ միայն
հասկցած են
ատենն է որ
նստին
մտածեն
դնեն վերցնեն
մաքրեն թափեն
ժամացոյցին սլաքները
ճշդեն
լարեն
յետոյ միայն
մօտենան
չստիկներուն
անոնք որ այս
պատմութիւնը
հասկցած են
թող չլռեն
ուշ է արդէն
դարը փոխուած է
սորվելիք
շատ բան
ունինք դեռ
չստիկներէն
որոնք
մեզի
արդէն շատոնց
անցած գացած են
ապագայ

պիտի ըսէք հիմա թէ
ինչ ընել
կարելի է
երբ յանկարծ
հասնի անասելին
ծայրը ձեր լեզուին
պատասխանը պարզ է
եօթն անգամ
խորունկ
շունչ առնել
եւ մէկ անգամէն
կուլ տալ

ժամանակի կը կարօտի
օրը կու գայ
սովորութեան կը վերածուի